2012-10-18 12:28:29

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց Երեսուն­ութերորդ – Գլուխ Գ.ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՆ
ՄԻԱԿ, ՍՈՒՐԲ, ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՒ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ (4)
Հարցում թիւ 133. Ինչու՞ Եկեղեցին կաթողիկէ կը կոչենք։
Կաթողիկէ (յունարէն Քաթոլոն) կը նշանակէ ընդարձակուած բոլորին (ընդհանրական)։ Եկեղեցին կաթողիկէ է, որովհետեւ Քրիստոս անոր կոչում տուած է խոստովանելու ամբողջական հաւատքը եւ պահպանելու բոլոր Խորհուրդները, որպէսզի զանոնք շնորհէ բոլորին եւ Բարի Լուրը աւետէ ամէնուն. Ան առաքուած է բոլոր ժողովուրդներուն։
Հարցում թիւ 134. Ո՞վ մաս կը կազմէ կաթողիկէ Եկեղեցւոյն։
Լիովին մաս կը կազմէ Եկեղեցւոյն այն անձը որ, միութեան մէջ ըլլալով Սրբազան Պապին եւ Եպիսկոպոսներուն հետ, կաթողիկէ հաւատքի խոստովանութեամբ եւ Խորհուրդներու ընդունելութեամբ` կը միանայ Քրիստոսի։
Աստուած ուզեց Եկեղեցի մը բոլորին համար. Դժբախտաբար, մենք` քրիստոնեաներս, հաւատրմօրէն չյարգեցինք Քրիստոսի այս փափաքը։ Եւ սակայն տակաւին իրարու հետ խորապէս միացած կը մնանք հասարակաց հաւատքով եւ մկրտութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.